ԾՆՆԴՈՑ (ԴԱՍ 17) Ծննդոց 15

แชร์
ฝัง
  • เผยแพร่เมื่อ 20 ต.ค. 2024
  • ԾՆՆԴՈՑ
    ԴԱՍ 17 | Ծննդոց 15
    تكوين
    الدرس ١٧ | تكوين ١٥
    Follow us on our Facebook page: / 1235458217587527
    #ԲոլորՍԳիրքը
    #Հին_Կտակարան
    #Աստուածաշունչ
    #Ծննդոց
    #Ծննդոց_15
    Ծննդոց 15-ի մէջ, Աստուած կը յայտնուի Աբրամին տեսիլքի մը մէջ:
    Այս չորրորդ անգամն է, որ Աստուած կը յայտնուի Աբրամին, որպէսզի զօրացնէ անոր հաւատքը:
    14-րդ գլխուն մէջ տեսանք Աբրամի հաւատքի հսկայական քայլը, որ փրկեց Ղովտին, նոյնիսկ մերժեց Սոդոմի թագաւորին առաջարկած հարստութիւնը։
    Աստուած անգամ մը եւս կը հանգստացնէ Աբրամին՝ ըսելով իրեն.
    Ծննդոց 15։5 «'Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս, եւ ըսաւ անոր. 'Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ'»:
    Հիմա, եկէք տեսնենք Աբրամի անդրադարձը այս խոստումին:
    Աստուած կ՛ըսէ. «Ես քեզի համար պիտի ընեմ զայն», իսկ Աբրամ կը պատասխանէ Աստուծոյ.
    «Ես կը հաւատամ քեզի, ամէն։
    Ես կը հաւատամ ատոր!"
    Եւ այդ անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։
    Ետքը, Աստուած նախաքայլը կ՛առնէ ստեղծելու ուխտ մը, պայմանագիր մը Իր եւ Աբրամի միջեւ:
    Աբրամին կը մնար միայն հաւատալ Աստուծոյ խոստումին:
    Մնացածը կատարուած էր արդէն։
    Սիրելիս, 2000 տարի առաջ Աստուած կատարեց Աբրամի հետ կնքած այս համաձայնագիրը:
    (Յովհաննու 3:16)
    «Քանզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ», եւ Որդին յօժարեցաւ աշխարհ գալու եւ մեռնելու աշխարհի մեղքերուն համար՝ քու եւ իմ մեղքերուն համար,
    «որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։
    Ոչ մէկը նոյնիսկ այնտեղ չեր 2000 տարի առաջ, որ պայմանագիր կնքէր, բայց Հայր Աստուած եւ Որդի Աստուած ըրին զայն, եւ Ան գնաց դէպի խաչ, եւ Ան մեռաւ
    իմ մեղքերուս համար:
    Եւ ես մեղքով անդամալուծուած էի.
    Ոչ մէկ բան չէի կրնար խոստանալ: Ոչ ալ դուն կրնայիր:
    Սիրելիս, Աստուած պիտի փրկէ քեզի;
    Ան կը փրկէ քեզ շնորհքով, հաւատալով այն բանին որ Ան ըրաւ քեզի համար:
    Մենք երբեք չենք կրնար մենք զմեզ փրկել բարի գործերով կամ մեր անձնական ջանքերով:
    Հիմա, մինչ կը մտածես Աստուծոյ մասին, այն բոլոր բաներուն մասին, որ Ան ըրաւ քեզի համար,
    ի՞նչ յայտնաբերեցիր Անոր մասին այս դէպքերուն ընդմեջէն, որ քեզ կ՛օգնէ ապրելուԱբրամի նման հաւատքով:

ความคิดเห็น •