ԾՆՆԴՈՑ (ԴԱՍ 18) Ծննդոց 16-17

แชร์
ฝัง
  • เผยแพร่เมื่อ 20 ต.ค. 2024
  • ԾՆՆԴՈՑ
    ԴԱՍ 18 | Ծննդոց 16-17
    تكوين
    الدرس ١٨ | تكوين ١٦-١٧
    Follow us on our Facebook page: / 3963643203921846
    #ԲոլորՍԳիրքը
    #Հին_Կտակարան
    #Աստուածաշունչ
    #Ծննդոց
    #Ծննդոց_16_17
    Պիտի նկատէք Ծննդոց 16-ի մէջ, որ Աստուած ուշացուց Աբրամին որդի տալ իր Սարա կնոջմէն.
    Աբրամը անհամբեր եղաւ եւ Սարայի մղումով ան իր ձեռքով ստանձնեց իրավիճակը (միջամտեց գործնականօրէն) եւ շարժեցաւ Աստուծոյ կամքէն դուրս:
    Սարան եւ Աբրամը կ՛որոշեն հետեւիլ Քաղդէացի (Ուր) քաղաքի ընդհանրացած սովորութիւններուն:
    Սարայի առաջարկը Աբրամին, զաւակ մը ունենալ եգիպտացի աղախինէն՝ Հագարէն՝ Աստուծոյ խոստումը կատարելու համար, (անոնց ամենամեծ մեղքն էր)։
    Աստուած երբեք չվաւերացներ բազմա-կնութիւնը:
    Հիմա Աստուած մեծ ողորմութեամբ կը վարուի անոր հետ:
    Եւ ես վստահօրէն կը հաւատամ, որ այստեղ Տէրոջ հրեշտակը ուրիշ մէկը չէ, այլ նախամարմնացած Քրիստոսը, որ դուրս եկած է նորէն կորսուածը փնտռելու:
    Հիմա, 17-րդ գլխուն մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած կրկին կը յայտնուի Աբրահամին հինգերորդ անգամ՝ բացայայտելով Ինքզինք որպէս ԷԼ-Շատայ՝ Ամենակարող Աստուածը:
    Աստուած նաեւ Աբրամի նոր անուն մը կու տայ:
    Ան զինք ԱԲՐԱՀԱՄ կը կոչէ։ Աբրամ կը նշանակէ «բարձր հայր», իսկ Աբրահամ՝ «բազմութեան հայր»։
    Եւ Սարայի անունը փոխուեցաւ Սառայի։
    Այս անգամ Աստուած մատնանշեց Աբրահամի հետ ունեցած իր ուխտը։
    Եթէ Աստուած յաւիտենական ուխտ մը կնքեց Աբրահամի հետ, արդեօ՞ք այդ մէկը լաւ է այսօր։
    Անշուշտ որ այդպէս է:
    Աստուած կը պահէ իր խոստումները եւ իր ուխտերը:
    Ի վերջոյ, Ծննդոց 17: 9-11-ի մէջ Աստուած պատուիրեց Աբրահամին, որ «ձեզմէ ամէն արու զաւակ պէտք է թլփատուի»՝ որպէս Աստուծոյ ուխտի նշան:
    Եւ Աբրահամ հնազանդեցաւ Տէրոջ։
    Նկատեցէք տարբերութիւնը. անոնք այդ մէկը չըրին, որպէսզի դառնան ուխտի անդամ.
    Անոնք ըրին զայն, որովհետեւ Աստուծմէ ուխտը առած էին:
    Այս նոյն տեղն է, որ այսօր կը գրաւէ «բարի գործերը» հաւատացեալին համար:
    Դուն բարի գործեր չես ընէր, որպէսզի փրկուիս. այլ բարի գործեր կ՛ընես, որովհետեւ փրկուած ես:
    Եզրափակելով՝ կը տեսնե՞ս տարբերութիւնը այն բանին միջեւ, որ Աբրահամ գործեց իր նախաձեռնութեամբ, եւ թէ ինչպէս Աստուած կ՛ուզէր, որ Աբրահամ սպասեր Աստուծոյ, որպէսզի Աստուծոյ կերպով գործեր:

ความคิดเห็น •