ԾՆՆԴՈՑ (ԴԱՍ 29) Ծննդոց 35-36

แชร์
ฝัง
  • เผยแพร่เมื่อ 20 ต.ค. 2024
  • ԾՆՆԴՈՑ
    ԴԱՍ 29 | Ծննդոց 35-36
    تكوين
    الدرس ٢٩ | تكوين ٣٥-٣٦
    Follow us on our Facebook page: / 489584667215151
    #ԲոլորՍԳիրքը
    #Հին_Կտակարան
    #Աստուածաշունչ
    #Ծննդոց
    #Ծննդոց_35_36
    Մէկ բան մը, որ կ՛ուզեմ նշել, մինչ կը սկսինք Ծննդոց 35-րդ գլուխը: Յակոբի կեանքին սկիզբէն մինչեւ անոր մարտնչիլը Աստուծոյ հրեշտակին հետ Փանուէլի մօտ, բոլոր այն բաները որ պատահեցան Յակոբի կեանքին մէջ, արդիւնքն էր եսա-կեդրոնութեան եւ մարմնի գործին:
    Եւ ինչ որ պատահեցաւ Փանուէլի մէջ, իր ինքնութեան, եսին անկումն էր:
    Հիմա կանցնինք Ծննդոցի 35-րդ գլխուն։
    Աստուած Յակոբին ետ Բեթէլ կը կանչէ։
    Եւ Փանուէլի մէջ իր ցաւալի փորձառութենէն ետք ան պատրաստ է երթալու:
    Նախապէս ան ոչ մէկուն չէր հաւատար՝ իր անձէն բացի :
    Ի՞նչն էր որ կը կարծէք, Յակոբին յիշեցուց Բեթէլը։
    Պահ մը յիշէ իր անցեալը, երբ ան կը փախչէր իր տունէն որպէս երիտասարդ, կարօտով ու միայնակ, հիմա ան ետ Բեթէլ դարձած էր, եւ Աստուած հաւատարիմ էր իր հետ՝ խոստանալով զինք կրկին վերադարձնել ։
    Ետքը կը կարդանք, որ Ռաքէլը կը մեռնի՝ երբ կը ծննդաբերէր իր երկրորդ որդին։
    չմահնալէն ան իր որդին Բենօնի կոչեց, բայց այդ կը նշանակէր նեղութեանս որդին: Եւ Աստուած կ՛ըսէ. «Թէեւ արծիւի պէս բարձրանաս, բոյնդ աստղերուն մէջ դնես, քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ»։
    (Աբդիու 1:4)
    Ժողովուրդը մեղաւոր էր սրտի հպարտութեամբ։
    Այդ կը խօսի Աստուծմէ անկախանալու հռչակումի մասին, մարդու հոգին, որ կը յայտարարէ.
    «Ես կրնամ ապրիլ առանց Աստուծոյ, եւ ես Աստուծոյ կարիքը չունիմ»:
    Այդ Եսաւն է:
    Սիրելիս, երբ կը քննես Յակոբի եւ Եսաւի կեանքերը, արդեօք Աստուած ի՞նչ կ՛ըսէ քեզի:
    Ի՞նչ կը փնտռէ Ան քու կեանքիդ մէջ:

ความคิดเห็น •